2016-04-17 09:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 11 սարկաւագներու` շնորհեց Քահանայական կարգ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 17 Ապրիլ 2016-ին¬ կը նշուի քահանայական կոչումներու աղօթքի 53-րդ օրը։ Առաւօտեան ժամը 9.30-ին,   ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, նախագահեց` 26 -44 տարեկան կուսակրօն 11 նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութեան։

Նորօծ 11 քահանաներու շարքին կային ֆիլիփինեան կղզեխումբի եկեղեցիէն թեկնածու մը ապա Իրաքէն այլ սարկաւագ մը, մինչ միւս ինը նոր քահանաները կը պատկանին Հռոմի թեմին։ Սրբազան Հօր հետ համապատարագեց Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին։

Սուրբ Արարողութեան ընթացքին արտասանած  իր քարոզին մէջ  Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Քահանայական կոչումի իմաստին ու անոր առաքելութեան մասին, որպէս ''այլ ոմն Քրիստոսներ'' ի սպաս Քրիստոսի, ու Անոր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան։

''Այնպէս ինչպէս Ան ղրկուեցաւ Հօրմէ, Ինք եւս աշխարհ ուղարկեց իր առաքեալները ու ապա եպիսկոպոսներն ու անոնց յաջորդները, որոնք որպէս գործակիցներ ունեցան քահանաները, որոնք կանչուած են ծառայելու Աստուծոյ ժողովուրդին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւնը` որպէս սնունդ եւ ակնաղբիւր առաքելութեան ու յորդորելով նորօծ քահանաները նկատի ունենալու թէ իրենք պարզ միջնորդներ են եւ թէ իրենց կեանքի կեդրոնն ու դերակատարը Քրիստոսն է։

''Ձեր քարոզները թող հասնին մարդոց սրտերուն, անոնք չըլլան միապաղաղ ու ձանձրացուցիչ, բառերը թող դուրս քան ձեր սրտէն որպէսզի Աստուծոյ Խօսքն ու ձեր վարդապետութիւնը հանդիսանան ուրախութիւն Քրիստոսի հաւատացեալներուն համար'', յարեց ապա Քահանայապետը յանձնարարելով ձեռնարդեալները իրենց կեանքով վկայելու իրենց խօսքերը որովհետեւ ''Խօսքերը առանց վկայութեան դատարկ բառեր են, գաղափարներ` որոնք սրտին չեն հասնիր եւ նոյնիսկ վնասակար կրնան հանդիսանալ''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց խորհուրդներու մատակարարումներուն որոնց միջոցաւ քահանան հաւատացեալները կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ։ Սուրբ Զոհը, որ պէտք է կատարել մասնակցելով Տիրոջ մահուան ու Յարութեան խորհուրդին։  Սուրբ Մկրտութիւնը, որ պէտք չէ մերժուի անոր որ ձեզի կը դիմէ, Խոստովանանքը որ պէտք չէ ըլլալ դատապարտումի այլ ողորմածութեան խորհուրդ։ Մի յոգնիք ներելէ – ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկելով միւս խորհուններուն  հրաւիրեց նորօծ քահանաները  Քահանայական առաքելութիւնը կատարելու ուրախութեամբ եւ անկեղծ ողորմութեամբ հաճելի դառնալով միայն Աստուծոյ։

Եղէք Եկեղեցւոյ միութեան մատակարարներ, յանձնառումով աշխատեցէք հաւատացեալները միացնելու մէկ ընտանիքի ներքոյ, որպէսզի զանոնք առաջնորդէք Հայր Աստուծոյ` Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ Ձեր աչքին առջեւ որպէս օրինակ ունեցէք Բարի Հովիւը  որ աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու, չեկաւ հանգստութիւն փնտռելու այլ դուրս ելլելու եւ փնտռելու ու ապա փրկելու կորսուածները - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով քարոզը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.